Tip:
Highlight text to annotate it
X
''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'' (Ղուկաս, 2,14):
Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, բարի լոյս եւ շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Իմս կ՛ընեմ, Յիսուսի Ծնունդի գիշերը, Բեթղեհէմի հովիւներուն երեւցած հրեշտակներու օրհներգը։
Օրհներգ մը որ երկինքը երկրին կը միացնէ, երկինքին ուղղելով փառք ու մարդոց երկիրին` խաղաղութեան մաղթանք։
Ամէնքը կը հրաւիրեմ միանալու այս օրհներգին։
Այս օրհներգը ամէն մէկ այր ու կնոջ համար է, որ գիշերուան ընթացքին կը հսկէ,
որ կը ցանկայ աւելի լաւ աշխարհ մը, որ խնամք կը տանի ուրիշներուն, փորձելով խոնարհութեամբ կատարել իր պարտականութիւնը։
Փառք ի բարձունս Աստուծոյ։
Ասոր է որ մեզ ամենէն առաջ կը հրաւիրէ Սուրբ Ծնունդը` փառաբանել զԱստուած, որովհետեւ բարի է, հաւատարիմ է ու ողորմած է։
Այսօր բոլորին կը մաղթեմ ճանչնալ Աստուծոյ իսկական դիմագիծը, Հայրը` որ մեզի տուաւ Յիսուսը։
Բոլորին կը մաղթեմ որ անդրադառնան թէ Աստուած մօտիկ է, ու գտնուին Անոր ներկայութեան, սիրեն եւ պաշտեն զինքը։
Եւ մեզմէ ամէն մէկը կարողանայ փառաբանել զԱստուած նամանաւանդ կեանքով, կեանքով մը նուիրուած Իրեն ու եղբայրներուն սիրոյն։
''Խաղաղութիւն մարդկանց''։
Գիտակից ենք թէ իսկական խաղաղութիւնը՝ հակասական ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը չէ։
Գեղեցիկ պատնէշ մը չէ, որուն ետեւը՝ բաժանումներ եւ հակասութիւններ կան։
Խաղաղութիւնը ամենօրեայ յանձնառում մըն է, խաղաղութիւնը ''արհեստաւորկան'' է, յառաջ կը տարուի սկսեալ Աստուծոյ պարգեւէն,
Անոր շնորհքէն որ մեզի պարգեւեց Յիսուս Քրիստոսով։
Նայելով մսուրին մէջ Մանուկին` Մանուկը խաղաղութեան, մտածենք բոլոր այն մանուկներուն որ պատերազմներուն ամենադիւրաբեկ զոհերն են,
բայց մտածենք նաեւ տարեցներուն,
չարաշահուած կիներուն, հիւանդներուն…
Պատերազմները կը խլեն եւ կը վիրաւորեն շատ մը կեանքեր։
Սուրիոյ պատերազմը բազմաթիւ կեանքեր քանդեց վերջին ժամանակներուն, յառաջացնելով ոխ եւ ատելութիւն։
Շարունակենք աղօթել Տիրոջ՝ որպէսզի Սուրիոյ սիրեցեալ ժողովուրդը խնայէ նոր տառապանքներէ,
եւ հակամարտող կողմերը վերջ դնեն բոլոր բռնութիւններուն եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտքը ապահովեն։
Տեսանք թէ որքան զօրաւոր է աղօթքը։
Եւ ուրախ եմ, որ այսօր` մեր Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ աղերսանքին կը միանան նաեւ` այլ կրօնական դաւանանքներու հաւատացեալներ։
Բնաւ չկորսնցնենք Աղօթքի քաջութիւնը։
Քաջութիւնը ըսելու. ''Տէր, քու խաղաղութիւնդ տու՛ր Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի'' ։
Ոչ հաւատացեալները եւս կը հրաւիրեմ բաղձալ խաղաղութիւնը, սիրտը լայնցնող իրենց ցանկութեամբ։
Բոլորս միացած` կամ աղօթքով կամ բաղձանքով. Բոլորս՝ խաղաղութեան ի նպաստ։
Յիսուս Մանուկ` խաղաղութիւն տուր, յաճախ մարդոցմէ մորցուած, Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան։
Բայց դուն, Տէր, ոչ մէկը կը մոռնաս։
Եւ կ'ուզես, խաղաղութիւնը տանիլ նաեւ այն երկիրը, բռնութենէ եւ խեղճութենէ յօշոտուած,
ուր բազմաթիւ անձեր անտուն են, եւ զուրկ ջուրէ, սննդեղենէ, ու ապրելու համար էականէ։
Խրախուսէ Հարաւային Սուտանի մէջ համաձայնութիւնը,
ուր ներկայ բախումները յառաջացուցին բազմաթիւ զոհեր եւ կը սպառնան այդ երիտասարդ երկրին խաղաղ համակեցութիւնը։
Դուն` խաղաղութեան Իշխան, ամենուրէք բարեփոխէ բռնարարներու սիրտը, որպէսզի մէկդի դնեն զէնքերը,
եւ ընտրուի երկխօսութեան ճանապարհը ։
Նայիր Նիճերիոյ, թիրախ շարունակական յարձակումներու, որոնք չեն խնայեր անմեղներն ու անպաշտպանները։
Օրհնէ` հողը զոր ընտրեցիր աշխարհ գալու համար,
եւ լաւ արդիւնքի հանգեցուր Իսրայելցիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները։
Բուժէ` Տէր, սիրելի Իրագի վէրքերը, որ ենթարկուած է տակաւին յաճախակի մահափորձի արարքներու։
Դուն` կեանքի Տէրը, պահպանէ անոնք որ քու անունիդ համար կը հալածուին։
Ներշնչէ յոյս ու մխիթարութիւն գաղթականներուն ու փախստականներուն,
մասնաւորապէս Ծայրագոյն Ափրիկէի եւ Քոնկոյի ժողովրդավար Հանրապետութեան արեւելեան շրջանին։
Ըրէ որ, գաղթականները որոնք վայելուջ կեանքի փնտռտուքի մէջ են, հիւրընկալութիւն եւ օգնութիւն գտնեն ։
Ողբերգութիւնները, որոնց ականատես եղանք այս տարուայ ընթացքին, Լամբէտուզայի բազմաթիւ զոհերով, թող այլեւս չպատահին։
Բեթղեհէմի Մանուկ, խօսէ մարդավաճառութեամբ զբաղող մարդոց սրտերուն,
որպէսզի անդրադառնան մարդկութեան դէմ գործած իրենց ոճիրին ծանրութեան։
Հայեացքդ ուղղէ արեւանգուած, վիրաւորուած եւ զինեալ բախումներու պատճառաւ սպաննուած մանուկներուն։
ու բոլոր անոնց, որ բռնի զինուորներ դարձած են եւ իրենց մանկութենէն զրկուած։
Երկնքի ու Երկրի Տէր, նայէ' մեր այս մոլորակին
որ յաճախ մարդուն ագահութիւնն ու անձնասիրութիւնը շահագործած է աչառութեամբ ։
Աջակցիր ու պահպանէ անոնք որ բնական աղէտներու զոհ են.
նամանաւանդ Փիլիպեան կղզեախումբի սիրելի ժողովուրդին որ ծանրօրէն վնասուեցաւ երկիրը հարուածած վերջին մրրիկէն։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս աշխարհի մէջ, այս մարդկութեան մէջ, այսօր ծնաւ Փրկիչը. որ է Քրիստոսը, մեր Տէրը։
Պահ մը կանգ առնենք Բեթղեհէմի Մանուկին առջեւ։
Թոյլ տանք որ մեր սիրտը յուզուի.
Վախ չ՛ունենանք այս մէկէն։
Վախ չ՛ունենանք որ մեր սիրտը յուզուի։
Կարիքն ունինք մեր սրտին յուզմունքին։
Թոյլ տանք որ Աստուծոյ քնքշութիւնը մեզ ջերմացնէ։ Կարիքն ունինք անոր խնամքին։
Աստուծոյ փայփայանքները, վէրքեր չեն յառաջացներ։
Աստուծոյ փայփայանքները, խաղաղութիւն եւ ուժ կու տան մեզի։
Մենք պէտք ունինք Աստուծոյ փայփայանքին։
Աստուած մեծ է սիրոյ մէջ։ Անոր փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։
Աստուած խաղաղութիւն է, խնդրենք որ մեզի օգնէ, որպէսզի խաղաղութիւն կառուցենք ամէն օր,
մեր կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր քաղաքին ու մեր երկրին մէջ,
ու համայն աշխարհի մէջ։
Թոյլ տանք որ Աստուծոյ բարութիւնը յուզէ մեզ։