Tip:
Highlight text to annotate it
X
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Հռոմի եւ համայն աշխարհի, Բարի Զատիկ. Բարի Զատիկ։
Ինչ մեծ ուրախութիւն է ինծի համար, ձեզի տալ այս աւետիսը. ՜՜Քրիստոս Յարեա՜ւ՝՝։
Պիտի ուզէի որ այս Աւետիսը հասնի ամէն տուն, ամէն ընտանիքի, յատկապէս հոն ուր աւելի տառապանք կայ, հիւանդանոցներու մէջ ու բանտերու մէջ...
Մանաւանդ պիտի ուզէի որ հասնի բոլոր սրտերուն , որովհետեւ հոն է որ Աստուած կ՝ուզէ սերմանել այս Բարի Լուրը...
Յիսուս Յարութիւն առաւ, յոյս կայ քեզի համար, այլեւս մեղքի եւ չարին տիրապետութեան տակ չես,.
Սէրը յաղթեց. ողորմութիւնը յաղթեց. Աստուծոյ ողորմութիւնը միշտ յաղթական է ։
Մենք եւս, Յիսուսի աշակերտ կիներուն նման, որոնք գացին Յիսուսի գերեզմանը եւ զայն թափուր գտան, կրնանք մենք մեզի հարց տալ ''ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս դէպքը...՝՝(Ղուկ. 24,4) ։
Ի՞նչ կը նշանակէ ՜՜Յիսուս Յարութիւն առաւ՝՝ ։
Կը նշանակէ որ Աստուծոյ Սէրը աւելի զօրաւոր է չարէն, եւ նոյնինքն մահէն...
Կը նշանակէ թէ Աստուծոյ Սէրը կրնայ բարեփոխել մեր կեանքը , ծաղկեցնել մեր սրտին մէջ գտնուող անապատային մասերը։
Եւ Աստուծոյ Սէրը կարող է ընել ասիկա։
Այս նոյն Սէրը որով Աստուծոյ Որդին մարդացաւ։
եւ խոնարհութեան ու անձնուիրումի ուղիէն գնաց մինչեւ վերջ,
մինչեւ դժոխք, Աստուծմէ բաժնող վիհը...
այս նոյն ողորմած սէրը, լոյսով ողողեց Յիսուսի մեռած մարմինը, զայն այլակերպեց, եւ զայն փոխադրեց դէպի յաւիտենական կեանք։
Յիսուս չվերադարձաւ նախկին կեանքին, երկրաւոր կեանքին, այլ մտաւ Աստուծոյ փառաւոր կեանքին մէջ, մեր մարդկութեան հետ, եւ մեր առջեւ բացաւ յուսալիր ապագայ մը։
Ահա թէ ի՞նչ է Զատիկը (Յարութիւնը)
Գաղթն է, մարդու անցքը մեղքի ու չարի գերութենէն՝ դէպի սիրոյ ու բարիին ազատութիւնը ։
Որովհետեւ Աստուած կեանք է, միայն կեանք, եւ մենք ենք անոր փառքը. կենդանի մարդը (Իրենէօ , Հերետիկոսութեան դէմ, 4,20,5-7)
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոս մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ, մէկ անգամ ընդ միշտ եւ բոլորին համար։
սակայն Յարութեան ոյժը, չարի գերութենէն դէպի բարիի ազատութիւն այս անցքը, միշտ այժմէական պէտք է ըլլայ, մեր էութեան մէջ, մեր ամէնօրեայ կեանքի ընթացքին։
Քանի՜ անապատներ, այսօր եւս, մարդ արարածը պէտք է կտրէ անցնի...
Մանաւանդ իր մէջ եղած անապատը, երբ կը պակսի Սէրը՝ Աստուծոյ ու մերձաւորին հանդէպ,
երբ կը պակսի գիտակցութիւնը որ ինք պահակն է այն ամէն բանին որ Արարիչը պարգեւած է մեզի եւ դեռ կը շարունակէ պարգեւել։
Սակայն Աստուծոյ ողորմութիւնը կրնայ ծաղկեցնել նոյնիսկ ամէնէն անբերրի հողին մէջ, եւ կեանք տալ ամէնէն չորցած ոսկոսրներուն, (Եզեկիէլ մարգարէ 37, 1-14)։
Ուրեմն՝ այս է հրաւէրը որ կ՝ուղղեմ բոլորիդ. ՜՜ Ընդունինք Քրիստոսի Յարութեան շնորհքը՝՝ ։
Նորոգուինք Աստուծոյ ողորմութեամբ,
Սիրուինք Յիսուսէն,
թոյլ տանք որ Անոր սիրոյ զօրութիւնը բարեփոխէ նաեւ մեր կեանքը ։
եւ դառնանք այս ողորմութեան գործիքներ, խողովակներ որոնց միջոցաւ Աստուած կարենայ հողը ոռոգել, պահպանել ամբողջ Արարչութիւնը եւ ծաղկեցնել արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Եւ այսպէս խնդրենք Յարուցեալ Յիսուսէն, որ կը փոխակերպէ մահը կեանքի, ատելութիւնը սիրոյ, վրէժխնդրութիւնը ներումի ու պատերազմը խաղաղութեան։
Այո, Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է, եւ Անոր միջոցաւ հայցենք ՜՜խաղաղութիւնը՝՝ համայն աշխարհի մէջ։
՜՜Խաղաղութիւն՝՝ Միջին Արեւելքի համար, յատկապէս Իսրայելացիներու եւ Պեղեստինցիներուն միջեւ,
որոնք դժուարութիւն ունին համաձայնութեան ուղին գտնելու, որպէսզի արիութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ վերսկսին բանակցութիւնները, վերջ տալու երկարատեւ ընդհարումին։
Խաղաղութիւն Իրաքի մէջ, որպէսզի վերջնականապէս դադրի ամէն տեսակի բռնութիւն։
եւ, յատկապէս սիրելի Սուրիոյ, ընդհարումի պատճառով վիրաւորուած՝ անոր բնակչութեան համար, ու նաեւ բազմաթիւ փախստականներուն համար որոնք օգնութիւն եւ մխիթարանք կը սպասեն։
Որքա՜ն արիւն թափուեցաւ...
Եւ տակաւին որքա՜ն տառապանք, մինչեւ որ քաղաքական լուծում գտնուի այս տագնապին...
Խաղաղութիւն Ափրիկէի համար, որ տակաւին բեմ է արիւնալի բախումներու։
Խաղաղութիւն Մալիի մէջ, որպէսզի վերագտնէ միութիւնն ու կայունութիւնը։
եւ Նիճերիոյ մէջ, ուր դժբախտաբար կը շարունակուին մահափորձերը, որոնք ծանրապէս կը սպառնան բազմաթիւ անմեղներու կեանքը, եւ ուր ոչ քիչեր յատկապէս մանուկներ պատանդ առնուած են ահաբեկիչ խումբերու կողմէ։
Խաղաղութիւն Գոնկոյի հանրապետութեան Արեւելեան մասին, եւ կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան մէջ, ուր մեծ է թիւը անոնց որոնք պարտադրաբար կը հեռանան իրենց տուներէն եւ անոնց որոնք տակաւին կ՝ապրին վախի մէջ։
Խաղաղութիւն Ասիոյ մէջ, մանաւանդ Գորէայի թերակղզիի մէջ, որպէսզի գերազանցելով անհամաձայնութիւնները աճի հաշտութեան վերանորոգ հոգի մը։
Խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին, որ տակաւին, դիւրին շահեր փնտռողներու ընչաքաղցութեան պատճառաւ, բաժնուած է.
վիրաւորուած՝ մարդկային կեանքն ու ընտանիքը սպառնացող անձնասիրութենէն։
անձնասիրութիւն՝ որ կը շարունակէ անձերու ապօրինի առեւտուրը ու գերութիւնը այս ՜՜21-րդ՝՝ դարուն.
անձերու ապօրինի առեւտուրը ու գերութիւնը այս ՜՜21-րդ՝՝ դարուն.
Խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին, տուայտած՝ թմրեցուցիչի վաճառքի բնորոշուած բռնութենէն եւ մարդկային հարստութիւններու անարդար շահագործումէն։
Խաղաղութիւն այս մեր երկրին... Յարուցեալ Յիսուս թող մխիթարութիւն բերէ բնական աղէտներու զոհերուն ու մեզ դարձնէ արարչութեան պատասխանատու պահակներ։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր բոլորիդ՝ որ զիս կ՝ունկնդրէք Հռոմէն եւ աշխարհի ամէն կողմերէն, ձեզի կ՝ուղղեմ Սաղմոսերգուին հրաւէրը.
՜՜Գոհութիւն մատուցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ յաւիտենական է սէրն անոր։ Տունն Իսրայէլի թող ըսէ. յաւիտենական է սէրն անոր։՝՝ (Սաղմոս 117, 1-2)։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, աշխարհի ամէն կողմերէն ժամանած, այս հրապարակը՝ (Ս. Պետրոսի հրապարակը) քրիստոնէութեան սիրտը,
եւ դուք բոլորդ , որ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներով կապուած էք, կը վերանորոգեմ իմ մաղթանքս. ՜՜Շնորհաւոր Ս. Զատիկ՝՝։
տարէք ձեր ընտանիքներուն եւ ձեր երկիրը, պատգամն ուրախութեան, յոյսի ու խաղաղութեան, որ ամէն տարի, այս օրը , զօրութեամբ կը վերանորոգուի։
Յարուցեալ Տէրը, մեղքի ու մահուան վրայ կոխեալը, թող նեցուկ ըլլայ բոլորիդ, յատկապէս ամէնէն տկարներուն եւ կարիքաւորներուն։
Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար եւ ձեր հաւատքի վկայութեան համար։
Յատուկ շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ ծաղիկներուն համար, զոր նուիրեց Հոլլանտան։
Բոլորիդ՝ սիրալիր կը կրկնեմ . ՜՜ Յարուցեալ Քրիստոս թող ձեզ բոլորդ եւ ամբողջ մարդկութիւնը առաջնորդէ արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան ճանապարհի վրայ՝՝։