Tip:
Highlight text to annotate it
X
Հռոմի ու համայն աշխարհի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր։
՝՝Քրիստոս իմ յոյսը՝Յարութիւն առաւ՝՝։
Ձեր բոլորին թող հասնի Եկեղեցւոյ ցնծալի աղաղակը
նախնական օրհներգի բառերով որ կ՝արտասանէ Մարիամ Մագդաղենացին
առաջինը որ կը հանդիպի Յարուցեալ Յիսուսին՝ Զատկուայ առաւօտը
Ան վազելով գնաց աշակերտներուն քով ու հեւասպառ ըսաւ անոնց
՝՝ Տեսայ Տէրը՝՝ .
Մենք ալ, որ ապրեցանք Քառասնորդացի անապատը ու Չարչարանքի ցաւագին օրերը
այսօր տեղ տանք յաղթանակի աղաղակին ՝՝Յարեաւ՝՝ Իրապէս Յարեաւ՝՝
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը վերապրի Մարիամ Մագդաղենացիի փորձառութիւնը
Հանդիպում մը որ կը փոխէ կեանքը։ Հանդիպումը եզակի Մարդու մը հետ,
որու շնորհիւ կը փորձարկենք համակ բարութիւնը ու ճշմարտութիւնը Աստուծոյ՝ որ մեզ կ՝ազատէ չարէն ոչ մակերեսային կերպով
եւ վաղանցուկ .այլ կ՛ազատէ մեզ արմատականօրէն ,մեզ կը բուժէ ամբողջութեամբ վերադարձնելով մեզի մեր արժանապատուութիւնը.
Ահաւասիկ ասոր համար Մարիամ Մագդաղենացին կը կոչէ Յիսուսը ՝՝Յոյսը Իմ՝՝։ որովհետեւ Յիսուսի կը պարտի իր վերածնունդը.
Անոր տալով նոր ապագայ մը,կեանք մը բարի՝ չարէն փրկուած
՜՜Քրիստոս իմ Յոյսը՝՝ կը նշանակէ որ իմ բարի գործի ամէն մէկ փափաք՝ Անոր մէջ կը գտնէ իրական կարելիութիւն մը (զայն գործելու) ։
Անոր հետ կրնամ յուսալ որ իմ կեանքս կ՝ըլլայ բարի եւ լրիւ, ու յաւիտենական
որովհետեւ նոյնինքն Աստուած է որ մեր մօտ եղաւ մինչեւ իսկ մուտք գործելով մարդկութեան մէջ։
Սակայն Մարիամ Մագդաղենացին նման այլ աշակերտներուն ,
ստիպուեցաւ տեսնել Յիսուսը մերժուած՝ ժողովուրդի պետերուն կողմէ, ձերբակալուած, ձաղկուած, մահուան դատպարտուած եւ խաչուած։
Անհանդուրժելի պիտի ըլլար տեսնել նոյնինքն ՜՜Բարութիւնը՝՝ ենթարկուած մարդկային չարիքին ,
Ճշմարտութիւնը հեգնուած սուտէն, գութը նախատուած վրէժէն,
Յիսուսի մահով, կարծես ձախողութեան կը մատնուէր` յոյսը բոլոր անոնց որոնք Իրեն կը վստահէին։
Սակայն այդ հաւատքը երբեք չնուազեցաւ ամբողջովին . յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամի սրտին մէջ,
Յիսուսի Մայրը՝ յոյսի բոցը վառ մնաց, լուսաւոր, նոյնիսկ գիշերուայ մութին մէջ ։
Այս աշխարհին մէջ, Յոյսը, չի կրնար հաշուի չառնել չարին կարծրութիւնը։
ոչ միայն մահուան պատը արգելք կը հանդիսանայ անոր, այլ առաւելեւս նախանձի ու հպարտութեան սուր հարուածները,
սուտի ու բռնութեան
Յիսուս անցաւ այս մահացու դժուար ճանապարհէն, բանալու համար մեզի դէպի կեանքի Արքայութիւնը տանող անցքը (երկնքի ճամբան)։
Եղաւ պահ մը ՝ ուր Յիսուս պարտուած ըլլալ կը թուէր. խաւարը ներխուժած էր երկիր,
Աստուծոյ լռութիւնը կատարեալ էր, յոյսը` բառ մը, ունայն դարձած կը թուէր ։
Եւ ահաւասիթ շաբաթ օրուայ յաջորդող օրը, արեւածագին, դամբանը դատարկ գտնուեցաւ.
Յիսուս ապա կը յայտնուի Մագդաղենացիին, միւս կիներուն ու աշակերտներուն։
Հաւատքը կը վերածնի աւելի կենսունակ ու զօրեղ քան երբէք, այլեւս անպարտելի, որովհետեւ հիմնուած է վճռական փորձառութեան մը վրայ։
Կեանքն ու Մահը հիանալի մենամարտով` ճակատ ճակատի եկան։ Կեանքի Տէրը մեռած էր, սակայն այժմ կենդանի է ու յաղթական։
Յարութեան նշանները կը վկայեն Կեանքի Յաղթանակը մահուան վրա, սիրոյ յաղթանակը ատելութեան վրայ, ողորմութեան յաղթանակը վրէժխնդրութեան վրայ։
Կենդանի Քրիստոսի գերեզմանը, Յարուցեալ Քրիստոսի փառքը, եւ հրեշտակները անոր վկաները, վարշամակն ու զգեստները։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, Եթէ Յիսուս Յարոյց մեռելներէն, ուրեմն (եւ միայն այդ ժամանակ) իսկապէս նոր իրողութիւն մը պատահեցաւ,
որ կը բարեփոխէ մարդու եւ աշխարհի իրավիճակը։
Ուրեմն Ան, Յիսուս, մէկ մըն է որուն կրնանք վստահիլ ամբողջութեամբ, եւ ոչ միայն վստահիլ Անոր տուած պատգամին
այլ ուղղակիօրէն Իրեն, որովհետեւ Յարուցեալը չի պատկանիր անցեալին այլ ան ներկայ է այսօր, եւ կենդանի
Քրիստոսը յոյս ու սփոփանք է յատուկապէս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար
Որոնք աւելիով հալածանքներու ու խտրականութեանց ենթարկուած են` իրենց հաւատքի պատճառաւ
Ան ներկայ է, որպէս Յոյսի զօրութիւն իր եկեղեցւոյ միջոցաւ
Ու մօտիկ է մարդկային տառապանքի եւ անարդարութեան որեւէ մէկ պահուն։
Յարուցեալ Քրիստոսը թող յոյս պարգեւէ Մերձաւոր Արեւելքին, որպէսզի այդ շրջանի ցեղային
մշակութային ու հոգեւոր ամբողջ տարրերը, համագործակցին հասարակաց բարիքի ու մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան համար։
Սուրիոյ մէջ, յատուկ կերպով, դադրի արիւնահոսութիւնը եւ սկիզբ առնէ, առանձ յապաղումի, յարգանքի` երկխօսութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը
Այնպէս ինչպէս մաղթած է նաեւ միջազգային հասարակութիւնը
Այդ երկրի բազմաթիւ գաղթականները որ կարիքը ունին մարդասիրական օժանդակութեան
Թող գտնեն այն հիւրընկալութիւնը եւ զօրակցութիւնը որ կարող ըլլան ամոքել անոնց ցաւալի տառապանքները ։
Զատկական Յաղթանակը թող քաջալերէ Իրագի ժողովուրդը որեւէ ջանք չխնայելու յառաջանալու համար բարգաւաճումի եւ կայունութեան ընթացքով
Սուրբ Երկրի մէջ, Իսրայէլցիներն ու պաղեստինցիները թող քաջութեամբ վերսկսին խաղաղութեան գործնթացքը
Տէրը` որ յաղթեց չարին ու մահուան, նեցուկ կանգնի Ափրիկեան ցամաքամասի քրիստոնեայ հասարակութեան
Անոնց թող յոյս ներշնչէ դիմագրաւելու դժուարութիւնները, զանոնք դարձնէ խաղաղութեան գործիչներ եւ իրենց հասարակութիւններուն ի սպաս զարգացումի դերակատարներ
Յարուցեալ Յիսուսը սփոփէ Ափրիկեան Ծոցի տառապող բնակչութիւնը ու անոնց միջեւ յառաջացնէ հաշտութիւնը ։
Օգնէ Մեծ Լիճերու, Սուտանի եւ հարաւային Սուտանի շրջանները, հոն բնակող ժողովուրդներուն ներշնչելով ներումի ուժը։
Մալիին, որ քաղաքական նուրբ կացութեան մէջ կը գտնուի, Փառաւոր Քրիստոսը տայ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն։
Նիճերիոյ, որ այս վերջին ժամանակներուն հանդիսացաւ բեմ ահաբեկչական արիւնալի հարցակումներու
Զատկուայ ուրախութիւնը ներշնչէ պէտք եղած կորովը վերսկսելու համար խաղաղ ընկերութեան մը կերտումը
Որ յարգէ իր քաղաքացիներուն կրօնի ազատութիւնը։
Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ Բոլորիդ